Կը նախատեսուէր, որ 2020 տարուան նախաձեռնութիւնները կեդրոնանային հայկական թէ այլ անկիւնադարձային դէպքերու ամեակներու եւ ոգեկոչումներու նշումին վրայ, գէթ` հրապարակային ելոյթներով: Սակայն «Քորոնա» ժահրին անկոչ ժամանումը ու անոր մահասփիւռ տիրապետութիւնը հիմնովին շրջեց նախատեսումները, ծրագիրները եւ համաշխարհային իրավիճակը: Մարդկային երկխօսութեան ողջոյնի ընթացքին «տակաւին ողջ ենք» բառերը դարձան հասարակաց նշանախօսք: Ընկերային հեռաւորութիւնը եւ թուային առցանց կապը արդէն իսկ հաղորդակցութեան ընդհանրացած չափանիշներ են եւ կը ցոլացնեն նախատիպը յետ«Քորոնա»-ի համաշխարհային կարգավիճակի դրոյթներուն:
Այս իմաստով, լիբանանեան ու յատկապէս լիբանանահայ ազգային, քաղաքական, բարեսիրական կառոյցներու գործունէութեանց մէջ առաջնահերթութիւն դարձան իրարօգնութիւնն ու զօրակցութիւնը: Առողջապահական ու մանաւանդ ընկերային-տնտեսական օժանդակութիւնները դարձան գոյատեւման կենսատու աւիշ: Փաստօրէն, երբեմն իբրեւ լրագրող հանդիպումներուս եւ զրոյցներուս ընթացքին, ուշագրաւ էր հայկական կառոյցներու (ակումբներ, ԼՕԽ, «Ճինիշեան», «Գարակէօզեան», Ազգային առաջնորդարան, ՀԲԸՄ, Բուժարան…) ցուցաբերած մաքրութեան, կարգապահութեան ու կարիքաւորներուն օգնութեան ձեռք երկարելու նախանձախնդրութիւնը` շնորհիւ անհատական թէ խմբային նիւթական սիրայօժար տուչութեան եւ նուիրեալ կամաւորներու ազգանուէր ծառայութեան ոգիին:
Նշեալ կառոյցներու շարքին ամէնէն աւագը կը նկատուի Ազունիէի Հայ ազգային բուժարանը, որ իր կարգին ունի առաքելութիւն մը, որուն եւ ներկայիս կառոյցին վիճակին մասին մօտէն տեղեկանալու համար «Ազդակ» զրոյց մը ունեցաւ խնամակալութեան կազմէն` ատենապետ Թալին Գլպաշեանին եւ Սօսի Փոլատեանին հետ, որոնք անդրադարձան բուժարանի պատմականին ու ներկային:
1 յուլիս 1923-ին հիմը կը դրուի Հայ ազգային բուժարանին` փրկելու համար հազարաւոր հայորդիներու կեանքը թոքախտէն, որ այդ տարիներուն աւերներ կը գործէր պատշաճ դարմանումի պակասի, ինչպէս նաեւ անբաւարար սնունդի պատճառով:
Նախ Մաամըլթէյնի մէջ կը սկսի գործել բուժարանը, բայց իր ունեցած սահմանափակ տարածքին պատճառով անհրաժեշտ կը դառնայ զայն ընդարձակելու մասին մտածել:
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Սահակ կաթողիկոս Խապայեանի (1902-1939) կաթողիկոսական կոնդակով` իւրաքանչիւր տարուան Բուն բարեկենդանը կը նշուի իբրեւ «Հայ ազգային բուժարանի օր»:
Հետագային կը գնուի Ազունիէի հողաշերտը, ծովու մակերեսէն 1000 մեթր բարձրութեամբ եւ Պէյրութէն 35 քմ հեռաւորութեամբ: Օդասուն եւ առողջարար Ազունիէի Հայ ազգային բուժարանին բացման պաշտօնական հանդիսութիւնը կը կատարուի օգոստոս 1938-ին, միաժամանակ ներառելով նորահաստատ ծերանոցի բաժինը: Տարիներու ընթացքին կը կառուցուին նոր շէնքեր` իրենց ենթաբաժանումներով, ինչ որ բուժարանը կը վերածէ առողջապահական համահայկական համալիրի: 1932-1938 տարիներուն խնամակալութեան ձեռնարկած դրամահաւաքին հասոյթով կը գնուին նոր հողաշերտեր` մայր շէնքի զոյգ հողաշերտերու կողքին:
Բուժարանին մէջ հայերուն կողքին կը դարմանուէին նաեւ օտար, յատկապէս ափրիկեան եւ միջինարեւելեան երկիրներու քաղաքացիներ: Ժամանակի ընթացքին բուժարանը կ՛օժտուի առողջապահական նոր սարքերով ու կազմածներով, կը հաստատուին նոր բաժանումներ եւ կը կատարուին զանազան նախաձեռնութիւններ, արդարեւ, Ճափոնի դեսպանատան նուիրատուութեամբ կը հիմնուի բուժարանի շտապ օգնութեան միաւորը, բուժարանի ենթակառոյցի նորոգութիւն, մայր շէնքի զանազան մասերու բարեզարդում կը կատարուի շնորհիւ բարերար Բիւզանդ Գէորգեանի իշխանական նուիրատուութեան: Իսկ Նիւ Եորքի խնամակալ մարմինին ղրկած նպաստով բուժարանը կ՛օժտուի կեդրոնական համակարգիչի արդիական ծրագիրով:
Հայ ազգային բուժարանի ցարդ ծաւալած գործունէութիւնը ընթացած է չորս փուլերով:
Ա.- Հիմնադրութեան շրջան` 1923-1931.- Նախաձեռնութեամբ վերապատուելի Ենովք Հատիտեանի եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Սահակ Բ. կաթողիկոսին, Հայ ազգային բուժարանը կը հիմնուի Մաամըլթէյնի մէջ եւ կը կառավարուի երեք հոգեւոր պետերու կամ անոնց ներկայացուցիչներէն կազմուած «Հայ թոքախտաւորներու խնամակալութիւն» անունը կրած մարմինի մը կողմէ:
Բ.- Կազմաւորման շրջան` 1931-1938.- Մաամըլթէյնի բուժարանին հոգատարութիւնը կը ստանձնեն` առաքելական եւ աւետարանական հոգեւորական ներկայացուցիչներու կողքին, աշխարհական անձնաւորութիւններ, ինչպէս` Փափա Քիւնցլէր եւ ուրիշներ: Այս կազմը կը կոչուի «Խնամակալ վարչութիւն Հայ ազգային բուժարանի»:
Գ.- Ազունիէի փոխադրութեան շրջան` 1938-1959.- Բուժարանի Ազունիէի փոխադրութեան, հաստատման եւ ընդարձակման ճիգերով յատկանշուող շրջան: Այս փուլին ուշագրաւ է, խնամակալ մարմինի կողքին, «Բժշկական խորհուրդ»-ի կազմութիւնը, հսկելու համար բուժարանին մէջ կատարուող բժշկական գործողութեանց եւ բուժարանի առողջապահական, գիտական կազմուսարքին:
Դ.- Ծաղկումի շրջան` 1960.- Բուժարանի ծաղկումի եւ արդիականացման շրջան: Այս շրջանին բուժարանը կ’ունենայ իր յատուկ կանոնագիրը, որուն անդրանիկ օրինակը վաւերացուած է հոգեւոր պետերուն կողմէ, դեկտեմբեր 1959-ին: Բուժարանը ունի նաեւ վիրաբուժական եւ շողանկարումի սենեակներ, դեղարան, յատուկ մարձումի կազդուրման (ֆիզիոթերափի) դարմանատուներ:
Հրատարակութեանց եւ հաղորդակցութեանց ծիրին մէջ Ազունիէի Հայ ազգային բուժարանը կը հրատարակէ իր գործունէութեան հերթական տեղեկագիրը: Նմանապէս պարբերաբար կը հրատարակէ բացառիկ հատորներ, ինչպէս` 1948-ին, Բուժարանի 25-ամեակի (1923-1948) յատուկ բացառիկը, 1960-ի տարեգիրքը, գունաւոր բացիկը կամ ծանօթացման-քարոզչական պրոշիւրը եւ այլն: Նոյն ծիրին մէջ, Ազունիէի Հայ ազգային բուժարանը` քայլ պահելով արդիական արհեստագիտական միջոցներուն, ունի համացանցային իր յատուկ կայքը եւ Դիմատետրի էջը:
Վարչական թէ առողջապահական մարդուժը, իր անհատական ճիգերու կողքին, նախանձախնդիր եղած է ազգին ծառայելու ազնուագոյն առաքելութեան մասնակից դարձնելու նաեւ իր ընտանեկան պարագաներու իգական տարրերը: Ժամանակի առողջապահական նորարարութեանց հետ քայլ պահելու նախանձախնդիր` տնօրէնութիւնն ու խնամակալութիւնը ճիգ չեն խնայած` սկզբունքով թոքախտաւոր հիւանդներու բուժման համար ոչինչէն ստեղծուած Հայ ազգային բուժարանը քայլ առ քայլ վերածելու առողջապահական համահայկական համալիրի: Բժշկական գիւտերու շնորհիւ թոքախտի վտանգի աստիճանական նահանջին զուգահեռ, բուժարանը սկսած է հետզհետէ ընդունիլ նաեւ հայ թէ օտար հիւանդներ, տարեց մամիկներ ու պապիկներ:
Հայ ազգային բուժարանի եկամուտը կազմած են բարեսիրական միութիւններու թէ անհատներու կողմէ կատարուած նպաստներ, ինչպէս`
– «Կիւլպէնկեան», «Գարակէօզեան», «Ճինիշեան», Ճափոնի դեսպանատուն, Միացեալ Նահանգներու Բարգաւաճման գործակալութիւն (Եու. Էս. Էյտ):
– Նիւ Եորքի խնամակալ մարմինի պարբերական նպաստ (New York Board Trust Fund), Տիգրան Թէյլըր, Բիւզանդ Գէորգեան, Մարթա Ֆիրսէն…
Կար նաեւ «Բուժարանի գանձանակ»-ի երբեմնի դրութիւնը, երբ կարգ մը հաստատութիւններ կ’ընդունէին իրենց վաճառատուներուն մէջ զետեղել «Բուժարանի գանձանակ», ուր բարեսէր յաճախորդներ կրնային իրենց «լումաները» նետել յօգուտ Հայ ազգային բուժարանին: Ուշագրաւ է, որ ի նպաստ բուժարանին կատարուած օժանդակութիւններուն երբեմն մասնակցած են նաեւ ոչ հայ բարեսիրտ անձնաւորութիւններ, ինչպէս օրինակ` Ալէյի շրջանի երբեմն «Շեմլանի հայկական որբանոց»-ի հիմնադիր-տնօրէն, անգլիացի օրիորդ Մարթա Ֆրիրսըն:
Ի՛նչ է գաղտնիքը Ազունիէի Հայ ազգային բուժարանի երկարաշունչ գոյատեւման: Փաստօրէն, բուժարանը առաջնորդած պատասխանատուներուն մօտ տակաւին առկայ է անհատականէն անդին ազգային, հաւաքական շահերը գերիվեր նկատելու նախանձախնդրութիւնը: Ազգային համերաշխութեան ոգիով յատկանշուող իրենց գործելաոճով անոնք Հայ ազգային բուժարանը վերածած են ամրակուռ կազմակերպութեան, հաստատութեա՛ն:
Համավարակի երեւոյթը նորութիւն չէ հայութեան եւ առհասարակ մարդկութեան համար: Մարդկութիւնը անցնող դարերու եւս նման հարուածներ ստացած է, ինչպէս` 1918-1919-ին տիֆի, Քոլերա ախտավարակ հարուածները: Ներկայիս եւս «Քորոնա» կոչուող այս համաճարակին պատճառով, ինչպէս համայն աշխարհը, հայ ժողովուրդը եւս ամէնուրեք կը կորսնցնէ շատ մը հայորդիներ, ու պատմութիւնը ինքզինք կը կրկնէ: Փաստօրէն, իր դարաւոր պատմութեան ընթացքին հայ ժողովուրդը յաճախ ապրած է ճակատագրական պայմաններու մէջ, ազդուած է համաճարակներէ, սակայն յաջողած է յաղթահարել փորձաքարը եւ վերականգնիլ:
Այսօր ալ նոյնն է վճռակամութիւնը. նկատի ունենալով, որ ներկայիս համավարակի վտանգը զգալի նուաճում արձանագրած է Լիբանանի մէջ Ազունիէի Հայ ազգային բուժարանը` հաւատարիմ իր կոչումին, արդէն պիտի ընդունի հայ մամիկներն ու պապիկները իր հոգատար երդիքին տակ` անոնց տալով ապահով միջավայր, առողջապահական պայմաններ, ընտանեկան հոգատարութիւն եւ տարեկիցներու հետ առօրեան անցընելու առիթ:
Առ այդ, կը խնդրուի կապ պահել բուժարանի տնօրէնութեան եւ կամ խնամակալութեան հետ:
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը, իր տարիներու սովորութեան համաձայն, 2020 թուականը հռչակեց «Յատուկ խնամքի կարօտ հայորդիներու տարի», սակայն գաղտնիք չէ, որ «Քորոնա» կոչուող համաճարակի տարածած աւերին պատճառով համայն մարդկութիւնը վերջին շրջանին դարձաւ «յատուկ խնամքի կարօտ»: Կարօտ` անմիջական նիւթական, բժշկական թէ մարդասիրական խնամքի: Նման քայլեր կ’առնեն միայն ազնուասիրտ մեծահոգիներ, ինչպէս հաստատած է Արամ Ա. վեհափառ հայրապետ` իր հետեւեալ խօսքով. «Մենք պէտք ունինք մեծութիւններու մեր կեանքի բոլոր մարզերուն մէջ: Անոնք են, որ մեր կեանքին նոր ուղղութիւններ պիտի տան: Անոնք են, որ մեր կեանքը պիտի հունաւորեն յարութեան գործերով: Անոնք են, որ մեր «փոքր ածու»-ն պիտի բանան մեծ ածուներուն: Անոնք են, որ մեր կեանքին որակ ու դիմագիծ պիտի տան»:
«Առանց մեծութիւններու պայծառակերպող ներկայութեան` աղքատ է մեր կեանքը»: