Երեքշաբթի, 27 նոյեմբեր 2012-ին, ԼՕԽ-ի «Ա. Փափազեան» մասնաճիւղի վարչական ընկերուհիներ այցելեցին Ազունիէի Ազգային բուժարանը, ուր ծանօթացան անոր տնօրէնին, որ ամփոփ, բայց յստակ տեղեկութիւններ փոխանցեց այս հաստատութեան անձնակազմին ու զանազան բաժանմունքներուն մասին: Բուժարանի տնօրէն Տիգրան Պոյաճեան նաեւ ներկայացուց բուժարանին պատմականը, երբ 1915-ի Եղեռնէն ճողոպրած եւ Լիբանան հաստատուած հայերէն ոմանք աղքատութեան, սնունդի պակասի պատճառով կը վարակուի թոքախտի համաճարակէ, եւ անհրաժեշտ կը նկատուի բուժարանի մը գոյութիւնը: 1923 թուականին ծնունդ կ՛առնէ այս բուժարանը, Մաամըլթէյնի մէջ (Պէյրութէն դէպի հիւսիս, Ժունիէի մօտ): Աւելի ուշ, սակայն, խոնաւ կլիմայական պատճառներով բուժարանը կը փոխադրուի ներկայի վայրը, շոճիի եւ մայրիի ծառաստաններուն մէջ: Հաստատութիւնը իր մարզին մէջ յաջողութիւններ արձանագրելով` կը նկատուի շրջանի լաւագոյն բուժարաններէն: Մասնաւորաբար 1960 թուական, կը նկատուի բուժարանին «ոսկեդարը»: Բուժարանը անթիւ հիւանդներ կ՛ընդունի շրջանի արաբական երկիրներէն, նոյնիսկ` արքայական ընտանիքներէ: 1975 թուականի լիբանանեան պատերազմին պատճառով կ՛աւելնայ ծերանոցի բաժինը, որ կը պատսպարէ լքեալ եւ անտէր ծերունիներ, անկարներ:
Տնօրէնի բացատրութենէն ետք, հաստատութեան բժշկուհին այցելուները առաջնորդեց հիւանդանոցին յարկաբաժինները: Պատսպարեալ ծերերը հիւրերը դիմաւորեցին մեծ ուրախութեամբ, ոմանք ցուցադրեցին իրենց շնորհները` նուագելով, արտասանելով եւ երգելով:
Օրուան ճաշը տրամադրուած էր ԼՕԽ-ի «Ա. Փափազեան» մասնաճիւղի վարչութեան կողմէ: Պատրաստութիւնը վստահուած էր տեղւոյն խոհանոցի, անձնակազմի շնորհալի ձեռքերուն:
Բուժարանին ծերերը խորապէս գոհ էին այս այցելութենէն: Անոնք հիւրերուն ուղղեցին օրհնութեան խօսքեր, իրենց աղօթքներով խթանեցին հոգեկան վեհագոյն գոհունակութիւնը: Յիշատակելի այս օրուան տպաւորութիւնը միշտ թարմ պահելու համար իրենց մտքերուն մէջ` այցելուները նկարուեցան տնօրէնութեան եւ պատսպարեալներուն հետ: Հիւրերը բուժարանէն մեկնեցան` մաղթելով, որ բազմապատկուին բարերարներու եւ առատաձեռն ազգայիններու թիւը, որպէսզի ոչ մէկ ծեր անտէր մնայ ու իր կեանքի վերջաւորութեան ապրի պատսպարուած ըլլալու երանութիւնը: