Ուրբաթ, 19 Մայիս 2023-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Ազունիէի Ազգային Բուժարանի խնամակալութիւնը: Խնամակալութեան ատենապետ Յակոբ Լատոյեանը լայն զեկոյց մը ներկայացուց Հայրապետին՝ խնամակալութեան տարած աշխատանքներուն եւ յառաջիկայ ծրագիրներուն մասին:
Նորին Ս. Օծութիւնը իր բարձր գնահատանքը յայտնեց խնամակալութեան՝ անոր կատարած աշխատանքներուն համար, յատկապէս ներկայ ընկերատնտեսական դժուար պայմաններուն մէջ: Վեհափառ Հայրապետը շեշտեց, որ անհրաժեշտ է Ազգային Բուժարանին մասին լայն եւ հետեւողական տեղեկութիւններ փոխանցել մեր ժողովուրդին: Ան նաեւ թելադրեց, ընթացիկ կարիքներու ընթացք տալու առընթեր, նաեւ յատուկ ծրագիրներ մշակել, որպէսզի աւելի լայն կարելիութիւններ ստեղծուին բուժարանի ծառայութեան:
Ներկայ տարին 100 ամեակն է բուժարանին հիմնադրութեան: Այս առիթով, խնամակալութիւնը կը ծրագրէ կարգ մը ձեռնարկներ կազմակերպել, որպէսզի կարելի ըլլայ նախ իր յարգանքը արտայայտել բոլոր անոնց, որոնք այս կարեւոր հաստատութեան ճամբով ծառայած են մեր ժողովուրդին, եւ ապա՝ ապահովել մեր ժողովուրդին նիւթական նեցուկը՝ տնտեսական դժուարութիւններ դիմագրաւող ազգային կարեւոր այս հաստատութեան, որպէսզի անոր ծառայութիւնը դառնայ աւելի կազմակերպ ու արդիւնաբեր: