Երկուշաբթի, 19 Յունիս 2023-ին, Ազունիէի Ազգային Բուժարանին մէջ ուրախութեամբ ընդունեցինք վարսայարդար Ռազմիկ Հապէշեանը, սեփականատէր՝ «Razmig Gents Hairstylist» վարսայարդարման սրահին, (որ կը գտնուի Պուրճ Համուտ, Ճինիշեան Հիմնարկի դիմաց), ընկերակցութեամբ իր օգնական՝ Յարութ Փօլատեանի։
Այցելութեան նպատակն էր Բուժարանի երէցներուն տրամադրել մազերու խնամք եւ յարդարում, նոր սանտրուածք եւ կտրելու բծախնդիր սպասարկութիւն։
Այս բոլորին աւարտին, երէցներուն երեսին ժպիտը ակներեւ էր, իսկ ուրախութիւնը՝ անբացատրելի։
Վարսայարդար Ռազմիկ Հապէշեանին եւ իր օգնականին՝ Յարութ Փօլատեանին վարձքը կատա՛ր կ՚ըսենք, շնորհակալութիւն յայտնելով անոնց՝ իրենց ժամանակին եւ չխնայած ճիգին համար. անոնց սիրայօժար աշխատանքին ի տես երիտասարդ վարսայարդարները ստացան մեր երէցներուն օրհնութիւնը եւ աղօթքները։