Հայ մայրերու տօնին առիթով, երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարի պաշտօնակատար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան երէկ` հինգշաբթի, 20 մայիս 2021-ին այցելեց Ազունիէի Ազգային բուժարան, ուր տնօրէնութեան, խնամակալութեան, բժշկական կազմին ու պաշտօնէութեան կողմէ սիրալիր ընդունելութենէն ետք, այցելեց բուժարանին մէջ ապաստանող մամիկներուն ու պապիկներուն:

Ազունիէի Ազգային բուժարանի տնօրէն Տիգրան Պոյաճեանի եւ խնամակալութեան ատենապետ Թալին Գըլպաշեանի հետ հանդիպումին ընթացքին, Վ. Օհանեան-Գէորգեան շեշտեց Ազունիէի Ազգային բուժարանին առաքելութեան կարեւորութիւնը եւ բարձր գնահատեց հաստատութեան ցուցաբերած բծախնդիր հոգատարութիւնը` հայ մամիկներուն ու պապիկներուն նկատմամբ:

Այցելութեան աւարտին, նախարարի պաշտօնակատարը յաջողութիւն մաղթեց բուժարանի տնօրէնութեան ու խնամակալութեան, ինչպէս նաեւ առողջութիւն` հոն ապաստանողներուն:

Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան Ազունիէի Ազգային բուժարանին նուիրեց 450 շիճուկ (serum):