Երեքշաբթի, 6 նոյեմբեր, Հայ ազգային բուժարանի տնօրէնութեան եւ հոգաբարձութեան հրաւէրով Ազունիէ այցելեց վաստակաշատ երգիչ Նշան Ջաղացպանեանը: Երգիչը եւ ձայնի պատասխանատու Գէորգ Պաղտասարեանը դիմաւորեցին տնօրէն Տիգրան Պոյաճեան եւ բժշկուհի Նարինէ Խաչիկեան: «Զոհրապ Թորիկեան» սրահը, ուր պիտի կայանար համերգը, տօնական տեսք ունէր: Այդ տօնականութիւնը պայմանաւորուած էր շուրջ 70 հիւանդներու ու պատսպարեալներու, ինչպէս նաեւ` հիւանդանոցի անձնակազմին ներկայութեամբ, որոնք անհամբեր էին առնչուելու սիրուած երգիչին ու հայ երգին հետ: Տնօրէն Տիգրան Պոյաճեանի «բարի գալուստ»-ի խօսքէն ետք, բեմը տրամադրուեցաւ արուեստագէտ հիւրին:
Հնչեց հայկական երգը` Սայաթ Նովա, Գուսան Աշոտ, Հաւասի ու Շերամ, Ջիւանի ու Հեքիմեան, հնչեցին նաեւ ժամանակակից հայ գուսաններու ստեղծագործութիւններ: Ներկաներու աչքերուն մէջ կարծրացած թախիծը գլտորեցաւ արցունքներուն հետ…
Ծանօթ ու հանրայայտ երգերը ներկաներուն ստիպեցին վերապրիլ իրենց մանկութիւնն ու պատանեկութիւնը, նորոգել սիրոյ յուշերը, կարօտն ու սպասումը, վերլուծել իրագործուած եւ անկատար երազանքները… Շուրջ 25 երգերու կատարումներուն զուգահեռ, պաստառին վրայ անկախ Հայաստանի ու Արցախի անկրկնելի բնաշխարհն էր, հայոց պատմական բերդերն էին ու վանքերը, մեր քաղաքներն ու գիւղերը, մանկան երջանիկ ժպիտն ու մեր երկրի սահմաններն անառիկ պահող հայ զինուորները:
Համերգին ընթացքին ուրախութիւնը հասաւ գագաթնակէտին, երբ շուրջպարի ելան բոլորը` հիւանդներն ու անձնակազմը, պատսպարեալներն ու պաշտօնեաները: Համերգի աւարտին բուժարանի պատսպարեալներէն Անի Աթաշեանի նուիրած ծաղկեփունջը երախտագիտութեան դրսեւորում մըն էր անշահախնդիր արուեստագէտին ու երգի նուիրեալին: Ապա բոլորը մէկ ընտանիքի պէս խմբուեցան օրուան ճաշի սեղանին շուրջ, ուր աւելի մօտէն ծանօթացան ամերիկաբնակ բարի մարդուն: Ճաշի աւարտին վաստակաշատ ժողովրդական երգիչ Նշան Ջաղացպանեան հրաժեշտ տուաւ Ազունիէի հայ բուժարանի իր ջերմ հանդիսատեսին` օր մը կրկին վերադառնալու խոստումով: