Երգիչ Նշան Ջաղացպանեանին Ելոյթը Ազունիէի Հայ Բուժարանին Մէջ

Երեքշաբթի, 6 նոյեմբեր, Հայ ազգային բուժարանի տնօրէնութեան եւ հոգաբարձութեան հրաւէրով Ազունիէ այցելեց վաստակաշատ երգիչ Նշան Ջաղացպանեանը: Երգիչը եւ ձայնի պատասխանատու Գէորգ Պաղտասարեանը դիմաւորեցին տնօրէն Տիգրան Պոյաճեան եւ բժշկուհի Նարինէ Խաչիկեան: «Զոհրապ Թորիկեան» սրահը, ուր պիտի կայանար համերգը, տօնական տեսք ունէր: Այդ տօնականութիւնը պայմանաւորուած էր շուրջ 70 հիւանդներու ու պատսպարեալներու, ինչպէս նաեւ` հիւանդանոցի անձնակազմին ներկայութեամբ, որոնք…