ուրախութեամբ ընդունեցինք վարսայարդար Ռազմիկ Հապէշեանը

Երկուշաբթի, 19 Յունիս 2023-ին, Ազունիէի Ազգային Բուժարանին մէջ ուրախութեամբ ընդունեցինք վարսայարդար Ռազմիկ Հապէշեանը, սեփականատէր՝ «Razmig Gents Hairstylist» վարսայարդարման սրահին, (որ կը գտնուի Պուրճ Համուտ, Ճինիշեան Հիմնարկի դիմաց), ընկերակցութեամբ իր օգնական՝ Յարութ Փօլատեանի։ Այցելութեան նպատակն էր Բուժարանի երէցներուն տրամադրել մազերու խնամք եւ յարդարում, նոր սանտրուածք եւ կտրելու բծախնդիր սպասարկութիւն։ Այս բոլորին աւարտին, երէցներուն երեսին ժպիտը ակներեւ…

Ազունիէի Ազգային բուժարանի պատսպարեալները ունեցան յիշատակելի օր մը Այնճարի Արեւ ճաշարանէն ներս։

Երէկ, հինգշաբթի, 15 յունիս 2023ին, նախաձեռնութեամբ Հայ Համայնքի Ընկերային Ծառայողներու միութեան վարչութեան, գործակցաբար հայկական ընկերային եւ բժշկական կառոյցներուն, Ազունիէի Ազգային բուժարանի պատսպարեալները ունեցան յիշատակելի օր մը Այնճարի Արեւ ճաշարանէն ներս։ Վարչութեան հրաւէրով ներկայ էին Այնճարի քաղաքապետ` պրն. Վարդգէս Խօշեանը, Պեքաաի հոգեւոր տեսուչ` Հայր Անանիա Ծայրագոյն վարդապետ Գուճանեանը, Այնճարի Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ հովիւ` Վերապատուելի Յակոբ Ագպաշարեանն…

Azounieh Armenian National Sanatorium Board Visits the Armenian Evangelical Church

Ազունիէի Ազգային Բուժարանի Խնամակալութիւնը Հայ Աւետարանական Եկեղեցին Կ՚այցելէ Չորեքշաբթի, 14 Յունիս 2023ին, Ազունիէի Հայ Ազգային Բուժարանի նորակազմ Խնամակալութիւնը իր առաջին պաշտօնական այցելութիւնը տուաւ ՄԱՀԱԵՄի Նախագահի Տեղապահ Վեր. Դոկտ. Փօլ Հայտօսթեանի՝ Հայկազեան Համալսարանի մէջ։ Բուժարանի նորընտիր Տեսուչին՝ Վահէ Գամպուրեանի հետ, Ազունիէի Խնամակալութեան Ատենապետ Յակոբ Լատոյեան նկարագրեց Բուժարանի մէջ խնամուած տարեցներու եւ հիւանդներու համար տարուած էական աշխատանքը։…

Կեանքը Ազունիէի Հայ Ազգային Բուժարանին Մէջ

Ազունիէի բուժարանի նորակազմ խնամակալութիւնն ու տնօրէնութիւնը, անցնող շաբաթներուն վերակազմաւորման եւ ծանօթացման աշխատանքները կատարելէ ետք, արդէն սկսած է 100-ամեակի նախապատրաստական գործունէութեան: Ազունիէի մատրան, շէնքերու, այգիներու, ջուրի, ուտեստեղէնի մատակարարման եւ պաշտօնէութեան ընդհանուր արժեւորումները արդէն կը կատարուին:   Իւրաքանչիւր պատսպարեալի առողջական յատուկ տախտակի պատրաստութիւնները կատարուեցան, եւ բժշկական խորհուրդ մը նշանակուեցաւ, որպէսզի կարելի ըլլայ ամսական դրութեամբ գետնի վրայ հսկողութիւն…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԱԶՈՒՆԻԷԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԲՈՒԺԱՐԱՆԻ ԽՆԱՄԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆԸ

Ուրբաթ, 19 Մայիս 2023-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Ազունիէի Ազգային Բուժարանի խնամակալութիւնը: Խնամակալութեան ատենապետ Յակոբ Լատոյեանը լայն զեկոյց մը ներկայացուց Հայրապետին՝ խնամակալութեան տարած աշխատանքներուն եւ յառաջիկայ ծրագիրներուն մասին: Նորին Ս. Օծութիւնը իր բարձր գնահատանքը յայտնեց խնամակալութեան՝ անոր կատարած աշխատանքներուն համար, յատկապէս ներկայ ընկերատնտեսական դժուար պայմաններուն մէջ: Վեհափառ Հայրապետը շեշտեց, որ անհրաժեշտ է Ազգային…