Լիբանանահայ օգնութեան խաչի «Աշխէն» մասնաճիւղը տարեկան իր ծրագրին մէջ արձանագրած էր այցելութիւն մը` Ազունիէի Ազգային բուժարան: Ուզեցինք պահել մեր աւանդութիւնը, նախորդ տարիներուն նման կատարեցինք մեր այցելութիւնը: Վարչութեան եւ ընկերային յանձնախումբի անդամներով նախօրօք պատրաստեցին հայկական ճաշ` մածունով քիւֆթէ, որուն պատրաստութիւնը կը պահանջէ ժամանակ եւ բծախնդիր աշխատանք: Այս առիթով ունեցանք բարեկամներ, որոնք դիւրացուցին մեր նիւթական պարտականութիւնը:

27 սեպտեմբեր 2012-ին 30 ընկերուհիներով մուտք գործեցինք բուժարան, ուր մեզ դիմաւորեցին հաստատութեան տնօրէնը` Տիգրան Պոյաճեան, խնամակալութեան անդամ Սեմ Րագուպեան, անձնակազմի անդամներ:

Ճաշի պատրաստութեան լրացուցիչ աշխատանքները կատարուեցան բուժարանի խոհանոցին մէջ` մասնակցութեամբ տեղւոյն անձնակազմին:

Առիթը յարմար նկատեցինք կարգ մը հարցումներ ուղղելու տնօրէնութեան, որ սիրով ընդունեց մեզ իր գրասենեակին մէջ` ծանօթութիւններ տալով վերջերս իրագործուած բարենորոգումներու, նոր կառուցուող մասնաբաժիններու շինութեան, յատկապէս` հիւանդապահուհիներու յատուկ յարկաբաժիններու: Այս մասին ան շեշտեց մասնագէտ հիւանդապահուհիներու ներկայութիւնը, որպէսզի դէպի բուժարան քաղաքէն երթեւեկի դժուարութիւնը լուծուի: Այս ծրագիրը տակաւին կը մնայ բաղձանքի մակարդակի վրայ, մինչեւ որ յայտնուի բարերար մը:

Մենք շրջեցանք հիւանդանոցին յարկաբաժինները: Մեզ կը դիմաւորէին պատսպարեալները, որոնց թիւը` հարիւր է, 35 առ հարիւրը` ծանր վիճակով, անկողին մնացող, 30 առ հարիւրը` բաղդատաբար ոչ ծանր, իսկ մնացեալները` ինքնաբաւ, «ոտքի վրայ» իրենց կեանքը ապրող: Այս վերջինները մօտենալով մեզի` յայտնեցին իրենց ուրախութիւնը: Անոնք կարօտը ունէին «մարդ տեսնելու», կը լսէինք անոնց խնդրանքը, թէ ըսէինք իրենց հարազատներուն, որպէսզի այցի գային…

Այս կապակցութեամբ տնօրէնը ըսաւ.

– Քիչեր կու գան հազուադէպօրէն տեսնելու իրենց մայրերը, հայրերը կամ հարազատները: Ոմանք, երբ գան վճարում կատարելու, առանց տեսնելու իրենց հարազատը` կը վերադառնան: Այս երեւոյթը ցաւալի կը գտնեմ, յուզիչ է:

Սեմ Րագուպեան կը միանայ մեզի եւ իր կարգին տեղեկութիւններ կու տայ բուժարանի ներքին կացութեան եւ վարչական աշխատանքներուն մասին: Ան կը գնահատէ նաեւ ԼՕԽ-ի աշխատանը եւ նուիրատուութիւն կը կատարէ «Աշխէն մասնաճիւղին, ինչպէս` նախորդ տարիներուն:

Տիգրան Պոյաճեան ցոյց կու տայ մեզի նորոգուած սրահները, յարկաբաժինները, առանձնասենեակները, ներքնայարկը: Ամէն կողմ` մաքուր եւ կոկիկ:

– Ունինք երկու մնայուն եւ ութ այցելու բժիշկ: Հիւանդապահուհիներուն թիւը սահմանափակ է, տրուած ըլլալով, որ անոնց համար յատուկ յարկաբաժինի կարիքը ունինք, ինչպէս յիշեցի քիչ առաջ:

Ունինք 60 աշխատաւորներ: Տակաւին չէ ամբողջացած շինարարական մեր ծրագիրները: Հիւանդները կը բազմանան, կարիքները` նոյնպէս: Մեր յոյսը դրած ենք մեր բարերարներուն վրայ, որպէսզի իրագործուի մեր ծրագիրը: Մօտ 80 տարիներու կեանք ունի այս հաստատութիւնը, որ մօտիկ եղած է մեր ժողովուրդի սրտին: Անցնող տարիներու խնամակալութիւնները ջանք չեն խնայած կանգուն պահելու այս հաստատութիւնը, Լիբանանի այս հովասուն սարալանջին: Դրացի գիւղի բնակիչները կը յարգեն մեզ: Մեր աշխատաւորներուն մեծ մասը դրացի շրջաններէն կու գան, հաւատարմօրէն կը ծառայեն: Մեր բաղձանքն է, որ բազմանան մեր այցելուները, մասնաւորաբար` պատսպարեալներուն հարազատները: Մենք մտածած ենք այս մասին, որպէսզի դիւրացնենք անոնց այցելութիւնները` երթեւեկի հեռաւորութիւնը մեղմացնելու նպատակով: Ս. Ծնունդի եւ Զատիկի մեռելոցներու օրերուն հանրակառքեր կը ղրկենք Պէյրութ, որպէսզի մեր հիւանդներուն հարազատները գան եւ այցելեն:

– Այս միջոցառման դիմեցինք,- կ՛ըսէ Տ. Պոյաճեան,- բայց դարձեալ կը մնանք մեկուսացած, զուրկ այցելուներէ: Շնորհակալ ենք, որ պարբերաբար մեզի կ՛այցելեն եկեղեցասիրաց տիկնանց, հոգեւոր քոյրերու, բարեսիրական կարգ մը հաստատութիւններու, ԼՕԽ-ի մասնաճիւղերու վարչութեանց կազմակերպած խումբերը, շնորհակալութիւն` բոլորին: Հոս հայու տուն է, լքեալ կամ անտէր ծերունիներու, հիւանդներու: Թէեւ հեռու ենք մայրաքաղաքէն, բայց ատիկա պատճառ պէտք չէ ըլլայ մոռնալու այս յարկին տակ իրենց կեանքին վերջին օրերը ապրողները:

Նախքան հրաժեշտ առնելը` մեզի կը մօտենան կարգ մը պատսպարեալներ, կու տան անունները իրենց հարազատներուն, բարեւ կ՛ուղարկեն անոնց եւ կը խնդրեն, որ այցելեն…

Այս տեսարանը յուզիչ է, բայց մենք կ՛ունենանք գոհունակութիւն, թէ այցելեցինք, քիչ մը մխիթարեցինք, ուրախացուցինք: Խմբանկարներ ունեցանք յիշատակի համար: Յաջողութիւն մաղթեցինք տնօրէնութեան, անձնակազմին եւ Սեմ Րագուպեանին, որ իր ներկայութեամբ քաջալերեց մեզ:

Ուրախ եւ յուզումնախառն տրամադրութեամբ վերադարձանք` մաղթելով առողջ եւ խաղաղ կեանք մեր ժողովուրդի զաւակներուն: