ԼՕԽ-ի «Աշխէն» Մասնաճիւղ Այցելութիւն` Ազունիէի Ազգ. Բուժարան

Լիբանանահայ օգնութեան խաչի «Աշխէն» մասնաճիւղը տարեկան իր ծրագրին մէջ արձանագրած էր այցելութիւն մը` Ազունիէի Ազգային բուժարան: Ուզեցինք պահել մեր աւանդութիւնը, նախորդ տարիներուն նման կատարեցինք մեր այցելութիւնը: Վարչութեան եւ ընկերային յանձնախումբի անդամներով նախօրօք պատրաստեցին հայկական ճաշ` մածունով քիւֆթէ, որուն պատրաստութիւնը կը պահանջէ ժամանակ եւ բծախնդիր աշխատանք: Այս առիթով ունեցանք բարեկամներ, որոնք դիւրացուցին մեր նիւթական պարտականութիւնը: 27…