Մայիսը մայրերուն նուիրուած յատուկ օր ունի, տօն, որ սիրելի է անխտիր բոլորին: Մայրութեան սրբութեան եւ անփոխարինելիութեան գիտակցելով` ՀԲԸՄ-ի Պօղոս Գ. Կարմիրեան վարժարանի աշակերտները ուսանելի մտայղացումով մը 8 մայիսին այցելեցին Ազունիէի Ազգային բուժարան` մեծահասակ մարդոց հետ ժամանակ անցընելու միտումով:
Այս նախաձեռնութեան մէջ իր անգնահատելի նպաստը բերաւ Կարմիրեան վարժարանի կրօնի ուսուցիչ Սարգիս քհնյ. Սարգիսեանը:
Շուրջ հարիւր մեծահասակ մարդիկ կ՛ապրին Ազգային բուժարանի յարկին տակ: Անոնք թէեւ կը ստանան անհրաժեշտ հոգատարութիւն ու խնամք, բայց դպրոցական պատանիներուն այցելութիւնը, անոնց ստեղծած աշխուժ եւ ուրախ մթնոլորտը բոլորովին ուրիշ տրամադրութիւն ստեղծեցին եւ երիտասարդական աւիւն ներարկեցին բոլորին:
P1050278_resizeԱյս առիթով պատրաստուած գեղարուեստական յայտագիրը ջերմօրէն ընդունուեցաւ բուժարանի բնակիչներուն կողմէ: Աշակետները երգեցին, պարեցին, ասմունքեցին, իրենց ելոյթներուն մէջ փորձեցին ներգրաւել նաեւ տարեցները եւ երբեմն յաջողեցան… Մթնոլորտը սկիզբը քիչ մը լարուած, բայց քիչ յետոյ այնքան թեթեւ ու անմիջական դարձաւ, կարծես ոչ թէ առաջին հանդիպում, այլ հարազատներու վերամիաւորում էր:
Կարմիրեանցիները նաեւ բոլորին համար համեղ ուտեստեղէն տարած էին եւ հաճոյքով հիւրասիրեցին մամիկներն ու պապիկները: Դպրոցականները շատ լաւ գիտէին, որ իրենք այցելութեան գացած են իրենց… ապագային, այդ պատճառով ալ շատ նուրբ, շատ գուրգուրոտ ու գիտակից էր իւրաքանչիւրին վերաբերմունքը:
Ժամանակը արագ անցաւ, եւ կարմիրեանցիները ստիպուած էին վերադառնալ. դպրոցն ու դասերը զիրենք կը սպասէին:
Շնորհիւ իրենց տնօրէնին եւ ուսուցիչներուն բացատրութիւններուն ու պարզաբանումներուն` անոնք վերադարձան քիչ մը աւելի հասունցած, քիչ մը աւելի գիտակից, իսկ ամէնէն կարեւորը այցելութիւնը կրկնելու որոշումն է: