ՀԲԸՄ Պօղոս Գ. Կարմիրեան Վարժարան. Մայրերու Օրը Ազունիէի Ազգային Բուժարանի Տարեցներուն Հետ

Մայիսը մայրերուն նուիրուած յատուկ օր ունի, տօն, որ սիրելի է անխտիր բոլորին: Մայրութեան սրբութեան եւ անփոխարինելիութեան գիտակցելով` ՀԲԸՄ-ի Պօղոս Գ. Կարմիրեան վարժարանի աշակերտները ուսանելի մտայղացումով մը 8 մայիսին այցելեցին Ազունիէի Ազգային բուժարան` մեծահասակ մարդոց հետ ժամանակ անցընելու միտումով: Այս նախաձեռնութեան մէջ իր անգնահատելի նպաստը բերաւ Կարմիրեան վարժարանի կրօնի ուսուցիչ Սարգիս քհնյ. Սարգիսեանը: Շուրջ հարիւր մեծահասակ…