ԼՕԽ-ի «Աղաւնի Փափազեան» Մասնաճիւղի Այցելութիւնը Ազունիէի Ազգային Բուժարան
Երեքշաբթի, 27 նոյեմբեր 2012-ին, ԼՕԽ-ի «Ա. Փափազեան» մասնաճիւղի վարչական ընկերուհիներ այցելեցին Ազունիէի Ազգային բուժարանը, ուր ծանօթացան անոր տնօրէնին, որ ամփոփ, բայց յստակ տեղեկութիւններ փոխանցեց այս հաստատութեան անձնակազմին ու զանազան բաժանմունքներուն մասին: Բուժարանի տնօրէն Տիգրան Պոյաճեան նաեւ ներկայացուց բուժարանին պատմականը, երբ 1915-ի Եղեռնէն ճողոպրած եւ Լիբանան հաստատուած հայերէն ոմանք աղքատութեան, սնունդի պակասի պատճառով կը վարակուի թոքախտի…