Ազունիէի Հայ Ազգային Բուժարանը` Միջին Արեւելքի Մէջ Իր Իւրայատուկ Ներկայութեամբ, Տարեցներու, Հիւանդներու Եւ Թոքախտաւորներու Կեդրոն
Կը նախատեսուէր, որ 2020 տարուան նախաձեռնութիւնները կեդրոնանային հայկական թէ այլ անկիւնադարձային դէպքերու ամեակներու եւ ոգեկոչումներու նշումին վրայ, գէթ` հրապարակային ելոյթներով: Սակայն «Քորոնա» ժահրին անկոչ ժամանումը ու անոր մահասփիւռ տիրապետութիւնը հիմնովին շրջեց նախատեսումները, ծրագիրները եւ համաշխարհային իրավիճակը: Մարդկային երկխօսութեան ողջոյնի ընթացքին «տակաւին ողջ ենք» բառերը դարձան հասարակաց նշանախօսք: Ընկերային հեռաւորութիւնը եւ թուային առցանց կապը արդէն իսկ…