Ս. Զատկուան Առիթով ՀՄԸՄ-ի Այնճարի Շեփորախումբը Այցելեց Հայ Ազգային Բուժարան

ՀՄԸՄ-ի Այնճարի շեփորախումբի բարեսիրական նախաձեռնութիւններու ծիրին մէջ, Ս. Զատկուան առիթով խումբը այցելութիւն մը տուաւ Հայ ազգային բուժարան, նաեւ շրջագայեցաւ Լեռնալիբանանի կարգ մը զբօսավայրերուն մէջ: Շեփորախումբը իր ուղեւորութեան սկսաւ առաւօտեան ժամը 8:30-ին` իբրեւ առաջին հանգրուան ունենալով Պէյթ Էլ Տինը, ուր պտտելէ ետք խումբին անդամները հնչեցուցին հայկական ու արաբական եղանակներ` ճոխ ու խանդավառ մթնոլորտ ստեղծելով, նաեւ հմայելով…