Ազունիէի Հայ Ազգային Բուժարանի Գլխաւոր Շէնքի Մուտքի Բաժինի Եւ Սրահի Բացում

Երէկ տեղի ունեցաւ Ազունիէի Հայ ազգային բուժարանի գլխաւոր շէնքի մուտքի բաժինին եւ սրահին բացումը: Սրահին եւ յարակից բաժիններուն շինութեան նուիրատուութիւնը կատարած է բարերար Բիւզանդ Գէորգեան: Բացման հանդիսութեան ներկայ գտնուեցան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս, Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան, Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան նախագահ վեր. դոկտ. Մկրտիչ Գարակէօզեան եւ Ազունիէի…