Արամ Ա. Կաթողիկոս Այցելեց Ազունիէի Հիւանդանոցը

Նոր տարուան եւ Ս. Ծննդեան տօներուն նախօրեակին, վեհափառ հայրապետը անցնող տարիներուն նման դարձեալ այցելեց Ազունիէի Ազգային բուժարանը` միաբան հայրերու ընկերակցութեամբ: Միաբան հայրեր հոգեւոր ու ազգային երգերէ ու արտասանութիւններէ բաղկացած յայտագիր մը ներկայացուցին, ապա վեհափառ հայրապետը իր հայրական խօսքը ուղղեց ներկաներուն: Ան իր ջերմ գնահատանքը յայտնեց Ազունիէի Ազգային բուժարանին խնամակալութեան, տնօրէնութեան ու անձնակազմին` հիւանդներուն նկատմամբ իրենց…