Վ. Օհանեան-Գէորգեան Այցելեց Ազունիէի Ազգային Բուժարան
Հայ մայրերու տօնին առիթով, երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարի պաշտօնակատար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան երէկ` հինգշաբթի, 20 մայիս 2021-ին այցելեց Ազունիէի Ազգային բուժարան, ուր տնօրէնութեան, խնամակալութեան, բժշկական կազմին ու պաշտօնէութեան կողմէ սիրալիր ընդունելութենէն ետք, այցելեց բուժարանին մէջ ապաստանող մամիկներուն ու պապիկներուն: Ազունիէի Ազգային բուժարանի տնօրէն Տիգրան Պոյաճեանի եւ խնամակալութեան ատենապետ Թալին Գըլպաշեանի հետ հանդիպումին ընթացքին, Վ. Օհանեան-Գէորգեան շեշտեց…