«Ֆայհա» Երգչախումբին Հայերէնով Համերգը Պանծացուց Ազունիէի Հայ Ազգային Բուժարանի 100-Ամեակի Յոբելենական Հանդիսութիւնը
Երաժշտութեան միջազգային պատմութիւնն ու ծագումը երբ կ՛ուսումնասիրենք, այնտեղ յստակօրէն կը վկայենք անոր ներգործօն ազդեցութեան եւ մարդուն հոգիին խորը թափանցելու կարողութեան մասին: Անոր միջոցով կարելի է արտայայտել` մարդկային զգացումները, միտքերը, գաղափարներն ու ապրումները: Ըստ հոգեբաններու, երաժշտութիւնը ոչ միայն կը բարելաւէ տրամադրութիւնը, այլ նաեւ կ՛օգնէ հասնելու նպատակներուն, ըլլալու աւելի ինքնավստահ ու հաւատալու սեփական ուժերուն: Այս առումով, յոյն…