Ազունիէի Հայ Ազգային Բուժարանը` Միջին Արեւելքի Մէջ Իր Իւրայատուկ Ներկայութեամբ, Տարեցներու, Հիւանդներու Եւ Թոքախտաւորներու Կեդրոն

Կը նախատեսուէր, որ 2020 տարուան նախաձեռնութիւնները կեդրոնանային հայկական թէ այլ անկիւնադարձային դէպքերու ամեակներու եւ ոգեկոչումներու նշումին վրայ, գէթ` հրապարակային ելոյթներով: Սակայն «Քորոնա» ժահրին անկոչ ժամանումը ու անոր մահասփիւռ տիրապետութիւնը հիմնովին շրջեց նախատեսումները, ծրագիրները եւ համաշխարհային իրավիճակը: Մարդկային երկխօսութեան ողջոյնի ընթացքին «տակաւին ողջ ենք» բառերը դարձան հասարակաց նշանախօսք: Ընկերային հեռաւորութիւնը եւ թուային առցանց կապը արդէն իսկ…

Վ. Օհանեան-Գէորգեան Այցելեց Ազունիէի Ազգային Բուժարան

Հայ մայրերու տօնին առիթով, երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարի պաշտօնակատար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան երէկ` հինգշաբթի, 20 մայիս 2021-ին այցելեց Ազունիէի Ազգային բուժարան, ուր տնօրէնութեան, խնամակալութեան, բժշկական կազմին ու պաշտօնէութեան կողմէ սիրալիր ընդունելութենէն ետք, այցելեց բուժարանին մէջ ապաստանող մամիկներուն ու պապիկներուն: Ազունիէի Ազգային բուժարանի տնօրէն Տիգրան Պոյաճեանի եւ խնամակալութեան ատենապետ Թալին Գըլպաշեանի հետ հանդիպումին ընթացքին, Վ. Օհանեան-Գէորգեան շեշտեց…

Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլէճ-ի աշակերտներու այցելութիւն դէպի Հայ Ազգային Բուժարան – Ազունիէ

Հայ Ազգային Բուժարանի Խնամակալութիւնն ու Տնօրէնութիւնը , Խորապէս շնորհակալութիւն կը յայտնեն Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլէճ-ի աշակերտներուն եւ բոլոր անոնց, որոնք անձամբ, այցելութիւն կատարեցին Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 22, 2017-ին բուժարանի ծերունիներուն, հիւանդներուն , պատսպարեալներուն եւ պաշտօնեաներուն Կաղանդի ճոխ մթնոլորտ ստեղծելով, եւ նուերներու բաշխումով:

ՀԲԸՄ Պօղոս Գ. Կարմիրեան Վարժարան. Մայրերու Օրը Ազունիէի Ազգային Բուժարանի Տարեցներուն Հետ

Մայիսը մայրերուն նուիրուած յատուկ օր ունի, տօն, որ սիրելի է անխտիր բոլորին: Մայրութեան սրբութեան եւ անփոխարինելիութեան գիտակցելով` ՀԲԸՄ-ի Պօղոս Գ. Կարմիրեան վարժարանի աշակերտները ուսանելի մտայղացումով մը 8 մայիսին այցելեցին Ազունիէի Ազգային բուժարան` մեծահասակ մարդոց հետ ժամանակ անցընելու միտումով: Այս նախաձեռնութեան մէջ իր անգնահատելի նպաստը բերաւ Կարմիրեան վարժարանի կրօնի ուսուցիչ Սարգիս քհնյ. Սարգիսեանը: Շուրջ հարիւր մեծահասակ…

Արամ Ա. Կաթողիկոս Այցելեց Ազունիէի Հիւանդանոցը

Նոր տարուան եւ Ս. Ծննդեան տօներուն նախօրեակին, վեհափառ հայրապետը անցնող տարիներուն նման դարձեալ այցելեց Ազունիէի Ազգային բուժարանը` միաբան հայրերու ընկերակցութեամբ: Միաբան հայրեր հոգեւոր ու ազգային երգերէ ու արտասանութիւններէ բաղկացած յայտագիր մը ներկայացուցին, ապա վեհափառ հայրապետը իր հայրական խօսքը ուղղեց ներկաներուն: Ան իր ջերմ գնահատանքը յայտնեց Ազունիէի Ազգային բուժարանին խնամակալութեան, տնօրէնութեան ու անձնակազմին` հիւանդներուն նկատմամբ իրենց…

ԼՕԽ-ի «Աղաւնի Փափազեան» Մասնաճիւղի Այցելութիւնը Ազունիէի Ազգային Բուժարան

Երեքշաբթի, 27 նոյեմբեր 2012-ին, ԼՕԽ-ի «Ա. Փափազեան» մասնաճիւղի վարչական ընկերուհիներ այցելեցին Ազունիէի Ազգային բուժարանը, ուր ծանօթացան անոր տնօրէնին, որ ամփոփ, բայց յստակ տեղեկութիւններ փոխանցեց այս հաստատութեան անձնակազմին ու զանազան բաժանմունքներուն մասին: Բուժարանի տնօրէն Տիգրան Պոյաճեան նաեւ ներկայացուց բուժարանին պատմականը, երբ 1915-ի Եղեռնէն ճողոպրած եւ Լիբանան հաստատուած հայերէն ոմանք աղքատութեան, սնունդի պակասի պատճառով կը վարակուի թոքախտի…

Երգիչ Նշան Ջաղացպանեանին Ելոյթը Ազունիէի Հայ Բուժարանին Մէջ

Երեքշաբթի, 6 նոյեմբեր, Հայ ազգային բուժարանի տնօրէնութեան եւ հոգաբարձութեան հրաւէրով Ազունիէ այցելեց վաստակաշատ երգիչ Նշան Ջաղացպանեանը: Երգիչը եւ ձայնի պատասխանատու Գէորգ Պաղտասարեանը դիմաւորեցին տնօրէն Տիգրան Պոյաճեան եւ բժշկուհի Նարինէ Խաչիկեան: «Զոհրապ Թորիկեան» սրահը, ուր պիտի կայանար համերգը, տօնական տեսք ունէր: Այդ տօնականութիւնը պայմանաւորուած էր շուրջ 70 հիւանդներու ու պատսպարեալներու, ինչպէս նաեւ` հիւանդանոցի անձնակազմին ներկայութեամբ, որոնք…

ԼՕԽ-ի «Աշխէն» Մասնաճիւղ Այցելութիւն` Ազունիէի Ազգ. Բուժարան

Լիբանանահայ օգնութեան խաչի «Աշխէն» մասնաճիւղը տարեկան իր ծրագրին մէջ արձանագրած էր այցելութիւն մը` Ազունիէի Ազգային բուժարան: Ուզեցինք պահել մեր աւանդութիւնը, նախորդ տարիներուն նման կատարեցինք մեր այցելութիւնը: Վարչութեան եւ ընկերային յանձնախումբի անդամներով նախօրօք պատրաստեցին հայկական ճաշ` մածունով քիւֆթէ, որուն պատրաստութիւնը կը պահանջէ ժամանակ եւ բծախնդիր աշխատանք: Այս առիթով ունեցանք բարեկամներ, որոնք դիւրացուցին մեր նիւթական պարտականութիւնը: 27…